Ի՞նչ է Զարցանցը

  • Արեւմտահայերէնով առցանց հարթակ մըն է, ուր լեզուն բնականօրէն կ՚ապրի՝ բոլոր ներկաներուն մասնակցութեամբ։
  • Հիմնուած է նորարար եւ փորձարկուած լեզուաբանական, մանկավարժական եւ ընկերային սկզբունքներու վրայ։
  • Աշխատանոցներու ընդմէջէն լեզուն բանալին է յայտնաբերելու եւ ստեղծելու։
  • Բաց պատուհան մըն է՝ դէպի աշխարհ։

Մեր մօտեցումը

Զարցանցը՝

  • Լեզուին ներկայութիւնը վառ կը պահէ բազմազան եւ կանոնաւոր աշխատանոցներով։
  • Անձնական մօտեցում մը կ՚ընդգրկէ նկատի առնելով իւրաքանչիւր մասնակիցին պահանջքները։
  • Ունի ճոխ բովանդակութիւն եւ տեւական զարգանալու ընթացք։
  • Շեշտը կը դնէ թէ՛ անհատական, թէ՛ խմբային փորձառութեան վրայ։
  • Տարբերութիւնները ընդգրկող միջավայր մը կը ստեղծէ։

Այս բոլորը կ՚իրականանան տարբեր ոլորտներու մէջ մասնագիտացած ուղեկիցներու շնորհիւ։

Որո՞նց համար է

Զարցանցը բաց է 3 տարեկանէն սկսեալ բոլոր երեխաներուն, պատանիներուն եւ չափահասներուն, որոնք կ՚ուզեն վայր մը ունենալ, ուր պիտի կարենան կանոնաւոր ձեւով՝

  • Զարցանցի հաճելի աշխարհին մաս կազմել,
  • իրենց «զար»ընկերներուն հանդիպիլ,
  • արեւմտահայերէնով արտայայտուիլ, միտքեր փոխանակել, ստեղծել, յայտնաբերել, կարդալ, գծել, գրել, երգել, խաղալ, եւ այսպէսով բնականօրէն զարգացնել իրենց լեզուական կարողութիւնները եւ սովորութիւնները։

Ինչե՞ր կը պատահին

  • Խմբային աշխատանոցներու մասնակցելով, իւրաքանչիւր մասնակից շաբաթը քանի մը անգամ միջոցը կ՚ունենայ սուզուելու արեւմտահայերէնին մէջ։
  • Տեղի կ՚ունենան համատարիքային խումբերէ կազմուած լեզուական աշխատանոցներ եւ բազմատարիքային խումբերէ կազմուած զանազան արուեստներու եւ այլ մարզերու շուրջ աշխատանոցներ։
  • Փորձառու եւ մասնագէտ ուղեկիցներու ներկայութեամբ առիթներ կը ստեղծուին լեզուն առօրեային մէջ իմաստաւորելու եւ բնականաբար միշտ ստեղծագործելու։

Ինչե՞ր կան

  • Տեսողական եւ լսատեսողական նիւթեր
  • Խմբային խաղեր
  • Թատերական արտայայտութիւն
  • Ուսողական եւ գիտական յայտնաբերուﬓեր
  • Ազատ գրութիւն եւ գրական ընթերցուﬓեր

Հետաքրքուած եմ

Եթէ Զարցանց ծրագիրով հետաքրքրուած էք, հաճեցէ՛ք լրացնել հարցարանը եւ մուտք գործել հարթակ՝ ձեր անձնական իմակը գործածելով։

Բարի եկա՜ք։

Հաճեցէ՛ք ընտրել ձեզի յարմար օրը եւ ժամը, որպէսզի հանդիպում մը ունենանք եւ միասին ծրագրենք Զարցանցէն ներս ձեր մասնակցութիւնը։

Մասնակցութեան պայմաններ

  • Իւրաքանչիւր աշխատանոց առնուազն 4 մասնակից կ՚ունենայ։
  • Իւրաքանչիւր մասնակից, իր խումբին համաձայն շաբաթը մօտաւորապէս 3-էն 5 ժամ հետաքրքրական եւ հաճելի պահեր կ՚ունենայ Զարցանցի աշխարհէն ներս։

Գործնական տեղեկութիւններ

  •  Աշխատանոցները տեղի կ՚ունենան նախապէս որոշուած օրերունեւ ժաﬔրուն։ Խմբային ﬕջավայրը ապահովելու մէջ իւրաքանչիւրին ներկայութիւնը ﬔծ դեր ունի։
  • Մանկավարժական պատասխանատուները ﬕշտ պատրաստ են իւրաքանչիւր մասնակիցին հետանհատապէս հետաքրքրուելու։
  • Զարցանցը վճարովի ծրագիր մըն է։ Մասնակցութեան սակը ամսական 150€ է։
  • Որպէսզի աշխատանոցները հեզասահ ընթանան, իւրաքանչիւր մասնակիցպէտք է իր համակարգիչը ունենայ։
  • Անհրաժեշտ է նաեւ համացանցի տոկուն կապ մը։
  • Աշխատանոցներուն հետեւելու համար մասնակիցները տպագիր նիւթերու կամ թուային միջոցներու պէտք պիտի ունենան։ Այս միջոցներէն ոմանք թուայնացած վիճակով պիտի ղրկուին, ոմանք ալ նախապէս թելադրուած տեղերէն մասնակիցին կողմէ պիտի հայթայթուին։ 

Մեր օրացոյցը

  • Ծրագիրը նախատեսուած է 36 շաբթուան համար՝ Սեպտեմբերէն մինչեւ Յունիս։
  • 2026-ի տարեշրջանը կը սկսի Սեպտեմբեր 2026-ին եւ կը տեւէ մինչեւ Յունիս 2027։

Մեր մասին

  • Զարցանց ծրագիրին ներշնչման աղբիւրը Զարմանազանն է՝ արեւմտահայերէնով մանկավարժական ամառնային ծրագիրը։
  • 2020 եւ 2021 թուականներուն համաճարակին պատճառով սահմանափակուած ըլլալով, Զարմանազանը առցանց տեղի ունեցաւ եւ «Զարցանց» կոչուեցաւ։ Այս փորձառութեան յաջողութենէն քաջալերուած՝ տարուան ընթացքին ալ Զարմանազանի շունչով մշտատեւ առցանց վայր մը ստեղծելու գաղափարը ծնաւ։
  • Զարցանցի մանկավարժական խումբը կը բաղկանայ փորձառու ուղեկիցներէ, որոնք իրարու հետ մանկավարժական ծրագիրներու շուրջ աշխատելու երկար փորձառութիւնը ունին եւ ամէն տարի իրենց փորձառութիւնը կը փոխանցեն նաեւ նոր անձերու։
  • Զարցանց ծրագիրը կը կազմակերպուի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան կողմէ, որ հիմնուած է 2016 թուականին Լիոն, Ֆրանսա՝ արեւմտահայերէնով մանկավարժական ծրագիրներ մշակելու նպատակով։ «Հազար ու մէկ աշխարհ»ը կը կազմակերպէ թէ՛ տեղական, թէ՛ միջազգային ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ՝ Զարմանազան ամառնային մանկավարժական ծրագիրը։
  • Զարցանց ծրագիրը օժանդակութիւն կը ստանայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութենէն։

Կ՚ուզեմ կապ հաստատել

Եթէ հարթակ մուտք գործելու դժուարութիւններ ունենաք, կրնաք հասնիլ մեզի հետեւեալ հասցէով՝ contact@zartsants.com

Կ՚ուզեմ հարթակ երթալ